2012-09-03 10:43:54

Միլանոյի Վաստակաւոր Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Մարթինիի Յուղարկաւորութիւնը։


Երկուշաբթի 3 սեպտեմբերի յետ միջօրէի ժամը 16:00-ին, Միլանոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ'ունենայ Ողբացեալ կարտինալ Գարլօ Մարիա Մարթինիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը քաղաքական եւ եկեղեցական բարձր իշխանութիւններու եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը կատարէ Միլանոյի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Անճէլօ Սքոլան մինչ Սրբազան Քահանայապետի որպէս յատուկ նուիրակ, արարողութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կարդինալ Անճէլօ Գոմասթրին։ Յուղարկաւորութեան աւարտին ննջեցեալին մարմինը, աւանդութեան համաձայն, կը զետեղուի Միլանոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ Խաչեցեալի մատրան կից։ Յիսուսեան միաբան Կարդինալ Մարթինին իր մահկանացուն կնքեց, 85 տարեկանին, անցեալ 30 օգոստոսին, երկարատեւ հիւանդութենէ մը ետք եւ այս օրերուս Միլանոյի Տուոմօյի մէջ զետեղուած անոր շիրիմի այցելուներու թիւը գերազանցեց 200 հազար հաւատացեալը։
Հմուտ աստուածաբան եւ Աստուածաշունչի մասնագէտ, Կարտինալ Մարթինին 22 տարիներ ամբողջ (1979 - 2002) եղած էր Ամպրոզեան Թեմի վաստակաւոր առաջնորդը։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.